Skip to content

Սիմոն Վրացեան «Կեանքի ուղիներով»։ Նոր գիրք

«Ինձ թւում էր, թէ պարապ վախտի խաղալիք էր «Կեանքի Ուղիներով»ը, բայց ընթերցողները այդպէս չընդունեցին. քննադատները նոյնիսկ գրական բաներ կարծեցին գտնել մէջը։ 
Առաջին հատորը վաղուց անգտանելի է։ Երկրորդը՝ սպառուելու վրայ։ Քաջալերուած այդ իրողութիւնից՝ հեղինակը լոյս է ընծայում ահա նաեւ երրորդ հատորը՝ սպառնալով շարունակել աւելին»։

Սիմոն Վրացեան «Կեանքի ուղիներով» 

Ինչպես նախորդ երկու հատորները, այնպէս ալ երրորդ հատորը կազմուած է միեւնոյն ծրագրով։ Հոն Վրացեանի ապրած օրերու պատմութիւններն են՝ այնպէս, ինչպէս  տեսած, զգացած եւ ապրած է։ Կարելի է ըսել՝ իր պատմութիւնն է նաեւ։ 
Այս հատորն ալ բաղկացած է երկու բաժիններէ։ Առաջին բաժնին մէջ յուշեր են, 1914 թուականէն մինչեւ 1917 թ.։ Երկրորդին մէջ տրուած են դէմքերու եւ դէպքերու առանձին-առանձին պատմուածքներ՝ դարձեալ յուշերու ընդմէջէն։ Ոմանց կրնայ թուալ, թէ այս վերջինները  գրական մտայղացում են։ Ո՛չ, հոն հրամցուածները լրիւ իրողութիւններ են։
Յուշագրութիւնը հայ ժողովուրդի մօտակայ անցեալն է։ Իրազեկ դառնալով պատմական դէպքերուն՝ անհրաժեշտ է դասեր քաղել:
Կեանքի ուղիներով Գ հատոր՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1400

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *