Skip to content

Վահան Թէքէեան։ Ծննդեան օր

Ես սիրեցի բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
Զինքը որք՜ան սիրեցի…
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ: Վահան Թէքէեան

Այսօր սփիւռքահայ գրականութեան վառ ու իւրօրինակ ներկայացուցիչին՝ Վահան Թէքէեանին ծննդեան օրն է։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Թէքէեան այն տխուր համոզումն ունէր, թէ ինքը բնաւ սիրուած չէ ու իր անձկութեան ժամերուն ամենակարող Աստուծմէ սէր էր միակ խնդրածը, սէ՛ր՝ ուրիշ ոչինչ: Ինքը՝ համակ քնքշութիւն ու սէր, իր ողջ էութեամբ աշխարհին ու մարդոց, ազգին ու անոր կցուած մտահոգութիւններուն անմնացորդ նուիրումով բոցավառուած՝ ու յաւիտենապէ՜ս մինակ: Թէքէեան աշխարհին ու մարդկոց անմնացորդ նուիրումի հետ մէկտեղ՝ վիրաւոր ու տրտում էր ու իր երգերն ալ այդ տխրութեան պահերու արդիւնքն են, իրեն այնքա՜ն նման՝ զուսպ, անաղմուկ: Թէքէեանը իր ներքին ապրումները նկարագրող ինքնախոստովանութեան մէջ կը գրէ. «Երբեմն ալ հոգիս իր առանձնութիւնը կը զգայ յանկարծ. կարծես ճամբորդ մըն է, որ երկար ու մտազբաղ քալելէ ետք՝ կը կենայ, շուրջը կը նայի եւ ինքնզինք մոլորած կը տեսնէ…Հոգիս իմ մէջս կը մեռնի, իմ կեանքիս բեռին տակ կը կքի»: Աշխարհի միայնակ ցամաք ու զուսպ կեանքով ապրած մարդոցմէ մէկուն՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան հանդէպ օրէօր կը խորանայ համակրանքն ու ակնածանքը: Գրողին գրական գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանին առթիւ կազմուած ու Փարիզ հրատարակուած գրքոյկին էջերուն մէջ Թէքէեանը կը բնութագրուի հետեւեալ տողերով. «Թէքէեան զմայլելի բանաստեղծ մըն է, որուն արուեստը մեր մէջ այնքան հազուագիւտ կատարելութեան կը մօտենայ»: Այն, ինչ որ Թէքէեանէն մեզի մնացած է, կը շնչէ դեռ, ու երկա՜ր, շա՜տ երկար հազարաւոր նուրբ հոգիներ պիտի մխիթարուին անոնցմով:Վահան Թէքէեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-12

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *