Skip to content

Տիգրան Չիթունի․ «Սասունական»

Տիգրան Չիթունի՝ հայ ազգագրագէտ, բանահաւաք «Սասունական» գիրքի միջոցաւ անմահացնելով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին աստուածատուր ազատութեան գաղափարն ու անկոտրում կամքը։

Այս հատորի կազմումը կը խլէ անոր կեանքէն երեսունհինգ (1907-էն 1942) տարիները: Կը տպուի Փարիզի մէջ 1943ին:

– «Ո՛չ մէկ Դիւցազներգ՝ կրնայ հաւասարիլ Հայ Ժողովրդական Դիւցազնավէպին» խրոխտ կերպով ըսուած խօսքը այնքան տեղին է, երբ մտածենք, որ այս հատորը համախմբած է «Սասնայ Ծռեր»ու բնագիրները:

Գիրքը ընթերցողը կը տանի կռապաշտական ժամանակաշրջան, ուր արեւելեան աշխարհի տարածքները՝ Երուսաղէմէն մինչեւ Հայաստան, Մըսր ու Պաղտատ, կը դառնան վեհաշուք իրադարձութիւններու բեմահարթակ։ Պալատական միջավայրի կողքին, բացօթեայ տեսարանները, Մարութայ վանքն ու Նեմրութ սարի բարձունքները համակուած են առասպելական շունչով։

Գլխաւոր հերոսը քաջ ու հզօր առաջնորդ Սասունցի Դաւիթն է, որ սովորական հովիւէ մը կը վերածուի երկրի փրկիչի: Խորհրդաւոր պառաւի մը պատգամով ու հօրական զէնքերով օժտուած՝ ան կը գիտնայ իր արքայական ծագումն ու ոտքի կը կանգնի յանուն իր ժողովուրդին:  

Անշուշտ դիւցազնավէպը կերտուած է չափազանցուած ու վիթխարի պատկերներով, ուր հերոսները մանուկ տարիքէն ունին հսկայական ուժ։ Անիկա հայու ոգիին, հայրենի հողին եւ արդարութեան յաղթանակին վեհագոյն հիմնն է։  

Սասունական՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1284

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *