Skip to content

Vlume-ը Պոլսահայ դպրոցներէն ներս

Որպէս մեծագոյն հայկական թուային գրադարան՝ հաճոյքով կը յայտարարենք, որ Պոլսոյ հայ դպրոցներու հետ մեր համագործակցութիւնը սկսած է ու արագօրէն ընդարձակուած։

Այսօր 11 պոլսահայ դպրոցներէ շուրջ 2000 ուսուցիչ եւ աշակերտ կ՛օգտուին անսահմանափակ հասանելիութենէն VLUME թուային գրադարանին, որը կը հայթայթէ․

  1. հարուստ տեսականի ելեկտրոնային գիրքերու
  2. ձայնագիրքերու հազարաւոր ժամեր եւ
  3. մանկապատանեկան տեսերիզներու շարքեր

Այս հնարաւորութիւն է ոեւէ հայ ուսանողի համար` մօտէն ծանօթանալու հայ գրականութեան եւ հայերէնի թարգմանուած գիրքերու, ու վայելելու իր նախընտրած գիրքերը դասարանէն ներս կամ անկէ դուրս:

Եթէ ձեր դպրոցը տակաւին չ՛օգտուիր VLUME գրադարանէն, անյապաղ կապուեցէք info@vlume.com ել-հասցէին։