Skip to content
VLUME - Lebanese Schools

VLUME-Ը ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

VLUME-ի ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ ՈՒ ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Ելլելով Լիբանանի մէջ տիրող կացութենէն, VLUME (www.vlume.com) Թուայնացած Գրադարանը անվճար կը տրամադրուի հայկական բոլոր (16) վարժարաններու աշակերտութեան եւ ուսուցիչներուն։

Աշակերտները եւ ուսուցիչները առիթ պիտի ունենան օգտուելու գրադարանի ամբողջական բովանդակութենէն, որուն զուգահեռ՝ յարատեւ հանդիպումներ պիտի կազմակերպուին ուսուցիչներուն հետ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան ներկայացնելու իրենց գիրքերու ցանկերը, գաղափարները եւ  պահանջները, ինչպէս նաեւ սերտելու իրենց աշակերտութեան ընթերցանութեան գործունէութիւնը ներկայացնող վիճակագրական թիւերը։

Այսօր՝ VLUME հարթակը կ՛ընդգրկէ 12-է աւելի հրատարակիչներու կողմէ հարիւրաւոր թուայնացուած գիրքեր եւ 1,200 ժամէ աւելի արձանագրուած ձայնագիրքեր՝ հայերէնի զոյգ լեզուաճիւղերով՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: Հարթակը նաեւ կը տրամադրէ հայերէնի զոյգ ճիւղերը ներառող եւ տաղանդաւոր դերասաններու խաղարկութեամբ հնչող «Գանձերու Կղզին» մանկապատանեկան ֆիլմաշարը։ 

Հետեւեալ ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու գործին մէջ, VLUME հարթակին կողքին, ձեռք-ձեռքի կը գործակցի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը։ Յիշեցնենք որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը հովանաւորած է VLUME-ի վրայ տեղ գտած հարիւրաւոր գիրքերու թուայնացումը եւ «Գանձերու Կղզին» ֆիլմաշարը։

Տարբեր պայմաններու մէջ, Հայոց լեզուն հաճելի եւ հասանելի դարձնելու միտումով՝ VLUME-ի անձնակազմը ջանք ու միջոցներ չի խնայեր: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք աշխարհասփիւռ մեր հայկական վարժարաններու պատասխանատուներուն, անյապաղ կապ հաստատել VLUME-ի կազմին հետ, հարթակն ու անոր գործածութեան ընդմէջէն հայերէնի ուսումնական գործընթացները  զարգացնելու նպատակով: 

VLUME-ի Մարմին

Ել-նամակ’ info@vlume.com

Կայք’ www.vlume.com

Android http://vlume.com/download/androidiOS http://vlume.com/download/ios